Անբան Հուռի
February 28, 2022
Ընկեր Հուրի, էս ի՞նչ ոսկի է։ — Բան մը չես ըսէր, բամբակը, փեփելի եւ կեկելին ծախեցի, բամբակին փողն է:
Բարի եկար, մօրքուր ջան, ինչպէս ես, ու՞ր ես այսքան ժամանակ չես երեւիր… Քեզի ո՞վ ըսաւ որ այդքան բան ընես, որ այս օրերու հասնիս: Փեսան կը մնայ զարմացած: կ’ըսէ.
-Ա՜յ մայրիկ, խենթացա՞ր, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, այդ բզեզին ի՞նչ կ’ըսես, մօրքուրս ո՞րմէկն է…
Զոքանչը թէ. Ա՜յ որդի, քեզմէ ինչ պահեմ, դուն ալ իմ որդին ես: Չես ըսէր՝ այս բզեզը իմ մօրքուրն է: խեղճը շատ աշխատասէր կնիկ էր: Ամբողջ օրը կ’աշխատէր, շատ աշխատելէն կծկուեցաւ, պզտիկցաւ, եւ դարձաւ բզէզ: Մեր ցեղը այսպէս է: Շատ աշխատասէր ենք: Բայց աշխատելէն կը պզտիկնանք, բզէզ կը դառնանք: